Նախարարին ընկերակցող բարձրաստիճան զինուորականներու 12անդամ պատուիրակութեան կը մասնակցին Յունաստանի մօտ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Գագիկ Ղալաչեանը եւ ռազմական կցորդ գնդապետ Սամվէլ Ռամազեանը


Երէկ Երկուշաբթի ուշ երեկոյեան Երեւան ժամանեց Յունաստանի պաշտպանութեան նախարար Տիմիթրիս Աւրամոփուլոսի գլխաւորած պատուիրակութիւնը, երկօրեայ պաշտօնական այցելութեամբ։
Յունաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան ղեկավար պատասխանատու անձերու եւ բարձրաստիճան զինուորականներու 12անդամ պատուիրակութեան կþընկերանան Յունաստանի մօտ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Գագիկ Ղալաչեանը եւ ռազմական կցորդ գնդապետ Սամվէլ Ռամազեանը։
Նախատեսուած են հանդիպումներ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանի հետ եւ զինուորական ղեկավարութեան հետ:
Այսօր Երեքշաբթի օր, Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան վարչական համալիրէն ներս տեղի կþունենայ յունական                          պատուիրակութեան դիմաւորման հանդիսաւոր արարողութիւնը, պատուաւոր պահակախումբի մասնակցութեամբ։ Նախարարական հանդիպումէն ետք նախատեսուած է մամլոյ ասուլիս։
Յունական պատուիրակութիւնը նաեւ պիտի այցելէ Ծիծեռնակաբերդ, յարգանքի տուրք մատուցելու համար Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին։
Երկօրեայ յագեցած ծրագրով Երեւան այցելող Յունաստանի պաշտպանութեան նախարարը առիթը պիտի ունենայ նաեւ հանդիպելու Հայաստանի նախագահին ու արտաքին գործոց նախարարին հետ։