«Պատմութիւն մը որ երբեք չմոռցայ» անունը կը կրէ իր վիտէօ-երիզը

Թեսաղոնիկէի մէջ կը շարունակուի մշակութային 4րդ Պիէնալէն, ուր կը ներկայացուին արուեստի զանազան գործեր:

Կեդրոնական ցուցահանդէսի «Ամենուրեք, բայց հիմա» խորագրով ցուցադրուած գործերուն մաս կը կազմէ  հայազգի արուեստագիտուհի Ռոզանա Փալազեանի գործը, որ կը յուշէ իր ընտանիքի եւ հայկական սփիւռքը կազմած հայ բեկորներու պատմութիւնը:

Նախշերով զարդարուած ժանեակ մը եւ լուսանկար մը հիմքը կը կազմեն արուեստագիտուհիի ստեղծագործութեան: Երկու ընտանեկան գանձեր, որ Պրազիլի Ռիօ Տը Ժանէյրոյէն ճամբորդեցին Թեսաղոնիկէ, եւ կը պատմեն 100 տարի առաջ իրադարձութիւններու մասին:

«Պատմութիւն մը որ երբեք չմոռցայ» խորագրով բանաստեղծական երիզ մըն է, որ պատրաստած է պրազիլահայ արուեստագիտուհին, ուր կ'անդրադառնայ իր մեծ մօր պատմութեան, երբ տաս տարեկան հասակի մէջ գաղթական հասաւ Յունաստան եւ Թեսաղոնիկէ մնաց 10 տարի, անկէ ետք Պրազիլ մեկնելու համար:

50ամեայ Ռոզաննա Փալազեան կը պատմէ թէ ինք ծանօթ չէր իր մեծ մօր պատմութեան բոլոր ծալքերուն: Երբ ստացաւ Թեսաղոնիկէի Պիէնալէին մասնակցելու հրաւէրը, սկսաւ յիշել թէ իր մեծ մօր յուշերուն մէջ յաճախ կը կրկնուէր Թեսալոնիքա բառը: Երբ պրպտել սկսաւ քաղաքի պատմութիւնը, լուսանկար մը տեսաւ, ուր հայ գաղթական աղջիկներ ձեռագործի դասերու կը հետեւէին Թեսաղոնիկէի մէջ: Այդպէս անդրադարձաւ թէ իր մեծ մայրը եւս, որ ձեռագործի վարպետ մըն էր, անցեալ ունէր այս քաղաքին մէջ: