Աննախադէպ եղելութիւններով յատկանշուեցաւ անցնող շաբաթավերջը Յունաստանի մէջ, երբ Յունաստանի արդարադատութեան կողմէ ձերբակալուեցաւ «Ոսկեայ արշալոյս» կուսակցութեան նախագահ Ն. Միխալոլիաքոս, կուսակցութեան հինգ երեսփոխաններու եւ խմբակցութեան ղեկավար այլ անդամներու հետ, Յունաստանի դատախազութեան ամբաստանագրի հիմամբ։
Քսաներկու հոգի ձերբակալուած է առայժմ եւ բոլորը կը դիմագրաւեն քրէական կազմակերպութեան պատկանելիութեան ամբաստանութիւն, ապօրինի հրազէններու, բռնութեան դէպքերու, ոճրագործութիւններու ընդարձակ թղթածրարի մը հիմամբ։
«Ոսկեայ արշալոյսի» երեսփոխաններու ձերբակալութիւնները նախապէս չէին պարտադրեր խորհրդարանի թոյլտուութիւն, նկատի առած թէ քրէական յանցագործութեան ամբաստանութիւն ուղղուած է անոնց դէմ։ Միեւնոյն ժամանակ սակայն, Սահմանադրութեան 55րդ յօդուածի նախատեսումով, նոյն այս ձերբակալուած անձերը կը շարունակեն պահել երեսփոխանական իրենց կարգավիճակը, որը կը կորսնցնեն միայն դատապարտական դատական վճիռի արձակումէ ետք։
Հելլէն եւ միջազգային մամուլը նախատեսումներ ու մեկնաբանութիւններ կը կատարէ՝ քննելով «Ոսկեայ արշալոյսի» խորհրդարանական լրիւ խումբի հրաժարականի պարագան, որ տեղական ընտրութիւններու կ'առաջնորդէ երկրի 15 ընտրատեղամասեր, այսուհանդերձ անհաւանական կը նկատուի կանխահաս ընտրութիւններու ուղղուելու այլընտրանքը։
Վարչապետ Անտոնիս Սամարաս, որ Նիւ Եորք կþայցելէ, յստակ պատգամ ուղղած է, նշելով թէ երկիրը պէտք ունի «արդարութեան ու կայունութեան եւ ոչ թէ կանխահաս ընտրութիւններու»։