Յունաստանի Ազգային պաշտպանութեան գլխաւոր սպայակոյտի պետ զօրավար Միխայիլ Գոսթարաքոս միօրեայ պաշտօնական այցելութեամբ այսօր Երեւան կը ժամանէ:
Յոյն զօրավարի պատուիրակութեան մաս կը կազմեն Յունաստանի մօտ ՀՀ ռազմական կցորդ գնդապետ Սամվէլ Ռամազեանը, ինչպէս եւ այլ բարձրաստիճան յոյն սպաներ:
Զօրավար Գոսթարաքոս հանդիպում կÿունենայ ՀՀ Զինուած Ուժերու գլխաւոր շտապի պետ զօրավար Եուրի Խաչատուրովի, ինչպէս նաեւ ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ:
Պատուիրակութիւնը պիտի այցելէ Ծիծեռնակաբերդ, յարգանքի տուրք մատուցելու Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին: