Հազարաւոր քաղաքացիներ արձագանգեցին Յունաստանի քաղաքական կուսակցութիւններու եւ կազմակերպութիւններու կոչին, երէկ հաւաքուելով Ամֆիալիի շրջանին մէջ, ուր օր մը առաջ դաշունահարուած էր 34ամեայ երաժիշտ եւ աքթիվիսթ Փաւլոս Ֆիսաս, «Ոսկեայ արշալոյս» ծայրայեղական կուսակցութեան պատկանող անձի մը կողմէ:
34-ամեայ երիտասարդի սպանութեան դէպքը կիրքերը հրահրած է ժողովուրդին մօտ, որոնք Յունաստանի տարբեր քաղաքներու մէջ հաւաքներ կազմակերպեցին բողոքելով ֆաշականութեան դէմ:
Ժողովրդային բողոքի ալիքը հետզհետէ սաստակացաւ: Ոստիկանութիւնը միջամտեց եւ ժողո- վուրդը ցրուելու համար քիմիական ռումբեր գործածեց: Վեց ցուցարարներ եւ մէկ ոստիկան հիւանդանոց փոխադրուեցան: Ոստիկանութիւնը 65 հոգի ձերբակալեց, երբ ցուցարարներու խմբակ մը յարձակեցաւ Քերացինիի ոստիկանական շէնքին դէմ:
Միջազգային Ներում կազմակերպութիւնը կը դատապարտէ
Մամուլին տարածած հաղորդագրութեամբ մը հանդէս եկաւ Միջազգային Ներում կազմակերպութիւնը, կոչ ուղղելով հելլէն իշխանութիւններուն կանխել քաղաքական շարժառիթ ունեցող ծայրայեղական բռնութիւնները: «Միջազգային Ներումը բազմիցս մտահոգութիւն յայտնած է անհանդուրժողականութեան ու բռնութեան դէպքերուն կապակցութեամբ, որ բազմացած են վերջին տարիներուն ընթացքին» դիտել կը տրուի յայտարարութեան մէջ:
Յարձակում Փանոս Քամենոսի դէմ
«Անկախ Յոյներ» կուսակցութեան նախագահ Փանոս Քամենոս անծանօթներու կողմէ յարձակումի ենթարկուեցաւ երէկ, մինչ կ'ուղղուէր դէպի Ամֆիալի, բողոքի ցոյցին ներկայ գտնուելու համար:
Յունաստանի քաղաքական ուժերը խստօրէն դատապարտեցին Փանոս Քամենոսի դէմ յարձակումը: