Մինչ «թրոյքա»ն Աթէնք կը գտնուի, երկրին յատկացուելիք յաջորդ վարկի նախապայմաններու իր խիստ ստուգումները կատարելու համար, ժողովուրդը կանգնած է բողոքի զանգուածային ալիքի մը առջեւ, որ գործադուլներով կ'արտայայտուի այսօրուընէ սկսեալ:
Բողոքի ալիքը պիտի շարունակուի եւ պիտի ընդլայնուի յաջորդ շաբթուայ մէջ եւս, երբ կառավարութիւնը պիտի յայտարարէ աշխատանքէ դուրս դրուող պետական պաշտօնեաներու անուանացանկերը:
Այսօր առտու շաբաթը սկսաւ դպրոցներու եւ համալսարաններու փրոֆէսէօրներու գործադուլով եւ բողոքի ցոյցով:
Համահելլէնական գործադուլ յայտարարուած է Չորեքշաբթի եւ Հինգշաբթի օրերուն ընթացքին: