Բողոքի ցոյցերով, ոստիկանութեան կողմէ խիստ ապահովական միջոցներու գործադրումով, Մոլոթոֆ ռումբերու արձակումով եւ ժողովրդային զայրոյթի արտայայտութիւններով յատկանշուեցաւ անցնող շաբաթավերջը, Թեսաղոնիկէի մէջ կայացած Միջազգային Տօնավաճառի բացման առիթով։

Վարչապետ Եորղոս Փափանտրէու իր խօսքին մէջ ազգային համախոհութեան կոչ ուղղեց, հաւաստիացնելով թէ բոլորի ջանքերով կարելի պիտի ըլլայ յառաջ երթալ։ Ան նախազգուշացուց որ ստանձնուած պարտաւորութիւններուն հանդէպ անլըրջութիւնը անբաղձալի հետեւանքներու  կրնայ առաջնորդել երկիրը։
Երէկ Կիրակի առաւօտուն գումարուած նախարարական անպաշտօն խորհրդաժողովի աւարտին, տնտեսութեան նախարար Էվանկելոս Վենիզէլոս հանդէս եկաւ հարկային նոր դրութեան յայտարարութիւններով, յայտնելով թէ երկու տարուան համար բացառիկ հարկ մը ճշդուած է անշարժ գոյքի տէրերուն համար, որ ելեկտրականութեան հաշիւի միջոցաւ պիտի գանձուի։ Ան վստահութիւն յայտնեց, թէ նոր քայլերու որդեգրումը բաւարար պիտի հանդիսանայ տագնապը դիմագրաւելու գծով։
Ընդդիմադիր կուսակցութիւնները խիստ դիրք որդեգրեցին վարչապետի կողմէ կատարուած յայտարարութիւններու առընչութեամբ, խոր մտահոգութիւն յայտնե-լով, թէ հանրային մեքենայի ծախսերու սահմանափակումը դեռ չէ յաջողուած, մինչ ժողովուրդի միջին խաւերը կը կքին՝ ահաւոր բարձր հարկերուն տակ։