Զօրաւոր հովի եւ հրդեհի տարածուն ճակատի պայմաններու տակ, խիստ պայքար կը մղեն հրշէջները, հակակշռի տակ առնելու համար հսկայ հրդեհը, որ ծագած է Վարիպոպիի եւ Թրաքոմաքետոնես շրջաններուն մէջ:

Հրդեհի ճակատ կը գտնուին աւելի քան 120 հրշէջներ, 61 ինքնաշարժներով, 10 հրշէջ օդանաւներով եւ այլ օգնական սարքերով, մինչ կամաւորներ կը փութան տեղւոյն վրայ, հրդեհի դէմ մղուող պայքարին մաս կազմելու համար: Հրշէջ սպասարկութեան ղեկավար՝ զօրավար Սոթիրիս Եորղաքոփուլոս, դիտել տուած է թէ ամբողջ գիշեր ի գործ դրուած ջանքերուն որպէս արդիւնք՝ հրդեհի տարածումը կարելի եղած է սահմանափակել որոշ չափով:

Հրշէջ սպասարկութիւնը ահազանգ հնչեցուցած է այսօր Երեքշաբթի օրուայ համար եւս, երկրի տարբեր շրջաններու մէջ յամեցող զօրաւոր հովերուն պատճառով: