Երբ ծախսերու խնայողութեան նպատակով հապճէպ որոշումներ կ'որդեգրուին եւ երկրի հանրային համակարգը փոփոխութիւններու կ'ենթարկուի առանց ծրագրաւորումի, յաճախ իրարամերժ եղելութիւններու առջեւ կը գտնուինք:
Նման է պարագան որ բացայայտեց sofokleous.gr յունական կայքէջը եւ կը վերաբերի փակումի ենթակայ կրթական հաստատութիւններուն:
Այսպէս կ'ըսուի թէ 76.000 եւրոյի գումար խնայողութիւն պիտի կատարուի 118 դպրոցներու եւ մանկապարտէզներու փակումով, որ հետագային տարեկան 228.000 խնայողութիւն պիտի յառաջացնէ պետական համակարգէն ներս: Մինչ այդ այս՝ -ոչ այնքան հսկայ- գումարի տրամադրումով պիտի ապահովուէր դըպրոցներու շարունակութիւնը եւ պիտի փրկուէին մի քանի հազար աշխատաւորներ, որոնք գործազրկութեան ուրուականին դէմ յանդիման պիտի գտնուին: Յաւելեալ՝ մանկական եւ դպրոցական տարիքի երեխաներուն համար լուրջ ընկերային հարցեր պիտի յառաջանան, իրենց պարտաւորիչ ուսումի անբաւարար նոր պայմաններու բերումով:
Արդեօ՞ք կարելի չէր այս գումարը ճարել այլ անհարկի ծախսեր ջնջելով եւ պահե՛լ 118 դպրոցները:
Բաղդատական մը ընելով, նշենք, թէ Յունաստանի պետական որոշումով՝ ճշդուած է կառավարութեան մէջ փոխ վարչապետի պաշտօնը, որ կը զբաղեցնէ Էվանկելոս Վենիզէլոս: Պետական որոշումը կը նախատեսէ փոխ վարչապետի գրասենեակի եւ ամբողջ համակարգի մը ստեղծումը (քարտուղարներով, խորհրդականներով, գրասենեակներով, եւայլն) որու համար անհրաժեշտ է (եւ արդէն վաւերացուած ու երկրի տարեկան պիւտճէին մէջ ներառուած է) 234.353 եւրոյի գումարը...
Յաջորդ տարի, նոյն ծախսը կը բարձրանայ 468.706 եւրոյի. գումար՝ որ կրնար ապահովել 240 դպրոցի աշխատանքը...
Մաղթենք որ կառավարական նոր պաշտօններ չեն ստեղծուիր, որովհետեւ յաւելեալ 100 դպրոց զոհ պիտի երթար գրասենեակներու գործունէութեան ծախսերու ապահովման ծրագրին: