Վերադառնալով իրենց ամառնային արձակուրդէն, հազարաւոր պաշտօնեաներ դառն իրականութեան առջեւ պիտի գտնուին, պետութեան կողմէ հարկադրաբար գործադրուող գործէ արձակումներու կամ նոյնիսկ լման գերատեսչութիւններու փակման պատճառով:

Հազարաւոր մարդիկ իրենց անունները պիտի տեսնեն աշխատանքէ արձակուողներու ցուցակներուն մէջ, որ Օգոստոսին պիտի հրապարակուին, շատ արագ գործադրուող գործընթացի բերմամբ:

Կառավարութիւնը կÿուզէ մինչեւ Սեպտեմբեր ամբողջացուցած ըլլայ հանրային պաշտօնէութեան թիւի սահմանափակումը, նախքան «թրոյքա»ի նոր ժամանումը Աթէնք: Խուսափելու համար ուշացումներէ կամ խոչընդոտներէ՝ կառավարութիւնը օրինագիծի յատուկ փոփոխութիւն կատարած է, ըստ որու կարելիութիւնը կ'ունենայ նախարարութիւններու եւ տեղական կառավարման մարմիններու մօտ փոփոխութիւններ կատարել, առանց խորհրդարանի վաւերացման, այլ միայն նախագահական արտօնագրով:

Այսպէս, կարելի է պարզ արտօնագրով մը վերացնել հարիւրաւոր աշխատավայրեր կամ գերատեսչութիւններ, անմիջապէս գործէ արձակելով հոն գործող պաշտօնէութիւնը:

Կառավարութիւնը ընտրած է Օգոստոս ամիսը նման քայլ իրագործելու համար, խուսափելու համար զանգուածային բողոքի ցոյցերէ եւ ուժեղ հակազդեցութիւններէ: