Ըստ պաշտօնապէս հրապարակուած տուեալներու՝ 2012ին ընթացքին, Յունաստանի մէջ աւելի քան 4.800.000 աշխատաւորներու եւ թոշակաւորներու եկամուտը նուազած է 18%ով:
Նոյն ժամանակ, ժողովուրդի նոյն հատուածը ստիպուած եղած է կրելու յաւելեալ հարկերու բեռը, որ աւելցած է 52%ով:
Յունաստանը փորձադաշտ ու թատերաբեմ
Ուաշինկթընի եւ Պերլինի յարաբերութիւնները հետզհետէ կը սրին տնտեսական տագնապի հետեւանքներու բերումով՝ Յունաստան փորձադաշտ ու թատերաբեմ դարձնելով միջազգային այս տագնապին մէջ:
Պրիւքսել եւ շուկաներ վառ հետաքրքրութեամբ կը հետեւին օտար պաշտօնակատարներու իրար յաջորդող այցելութիւններուն Աթէնք, յայտնի դարձնելով ճգնաժամային պահերը:
Ֆրանսայի շուկայական վարկանիշը նուազեցնելու «Մուտիս»ի կողմէ նախազգուշական քայլը, Յունաստանի եւ Փորթուկալի պարտքերու կայունութեան վերաբերեալ վերականդանացած քննարկումները՝ յայտնի կը դարձնեն թէ սրած այս կացութիւնը կողմնակի շատ մը կորուստներ պիտի պատճառէ: