Պաշտպանուած բերդի մը երեւոյթը ստացած էր երէկ Աթէնքի կեդրոնը՝ Գերմանիոյ տնտեսութեան նախարար Վոլֆկանկ Սոյպլէի այցելութեան պատճառով:

Աւելի քան 4000 ոստիկաններ հսկեցին մայրաքաղաքի կեդրոնական պողոտաներուն վրայ, արգիլելով բողոքի ցոյցերն ու հաւաքները Սինտաղմայի կեդրոնական հրապարակի շրջակայքին: Ապահովական միջոցները ներառին խուզարկութիւններ շրջակայ շէնքերու մէջ եւ տանիքներու վրայ, ուղղաթիռով թռիչքներ եւ խստացուած հսկողութիւն՝ ամէնուրեք:
Վոլֆկանկ Սոյպլէի այցելութիւնը յատկանշուեցաւ խոստումներով եւ քաջալերական խօսքերով, բայց ոչ պատասխաններ տրուեցան թէ Յունաստանի տնտեսական «բացը» ինչպէս կարելի է լրացնել, ոչ ալ համոզում  գոյացաւ ապագայի նկատմամբ:
Վկայակոչելով Եւրոպական Յանձնաժողովի աղբիւրները, գերմանական եւ հելլէն մամուլը կը պնդեն թէ մինչեւ Սեպտեմբեր վերջ եւրոգօտիի մէջ պէտք է որոշել թէ ինչպէ՞ս պիտի ապահովուի 10 միլիառ եւրոյի գումարը, որ անհրաժեշտ է Յունաստանի պարտքերուն համար: Եթէ ոչ՝ հարցականի տակ կը դրուի «թրոյքա»ի եւ յատկապէս Արժոյթի Միջազգային Հիմնադրամի պայմանաւորուածութիւնը՝ Յունաստանի հանդէպ:
Գերմանացի նախարարը իր հանդիպումներուն ընթացքին յայտնած է իր կառավարութեան աջակցութիւնը յունական կառավարութեան ջանքերուն կապակցութեամբ, նշելով թէ կը գնահատուին մինչեւ հիմա իրականացած բարեփոխումները եւ յոյն ժողովուրդի զոհողութիւնները՝ իր ուսերուն բեռցուած ծանր հարկերով:
Լրատուական աղբիւրներ դիտել կուտան թէ Յունաստանի ներկայ կացութիւնը անհրաժեշտ «գործիք» դարձած է Եւրոպական Միութիւն-Արժոյթի Միջազգային Հիմնադրամ հետզհետէ սաստկացող լարուածութեան մէջ, որ կը վերաբերի եւրոպական տնտեսական տագնապի մատակարարման ռազմավարական մօտեցումներուն: Պրիւքսելի մէջ սկսած են աւելիով հնչել «թրոյքա»ի շուրջ տարակարծութիւններ եւ հակառակութիւններ, այսպիսի ձեւաչափը «հինցած» բնորոշելով եւ առաջարկելով Եւրոպայի տնտեսական մատակարարումը յանձնել բոլորովին  եւրոպական մարմիններու պատասխանատուութեան, դուրս բերելով Արժոյթի Միջազգային Հիմնադրամը: