Յունական Սանթորինի, Կրետէ եւ Միքոնոս կղզիները զբօսաշրջիկներու «հեղեղին» տակ կը խեղդուին, սակայն այս չէ պատկերը որ կը տիրէ Յունաստանի սահմանամերձ կամ հեռաւոր կղզիներուն մէջ: Քալիմնոս, Ասթփալէա, Թելենտոս եւ Փսերիմոս եւ տասնեակ այլ կղզիներու մէջ բնակչութիւնը դէմ յանդիման կը գտնուի գործազրկութեան եւ ընկերային անապահով պայմաններու:
Աւելի քան 33% տոկոս արձանագրած է գործազրկութեան չափանիշը այս կղզիներէն ներս, ուր երիտասարդ ընտանիքներու դէպի արտասահման մեկնումի հաւաքական դէպքեր կան: Աւստրալիա եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ՝ կը կազմեն մեկնողներու հիմնական նախընտրութիւնը: Իսկ մնացողներուն համար՝ աւեր, նոյնիսկ գոյատեւման լուրջ խնդիրներ...
Զբօսաշրջութեան աճը չէ յաջողած բարելաւել կղզիներու բնակիչներու վիճակը
- Details
- Category: Յունական լուրեր