Այսօր Չորեքշաբթի գիշեր, հելլէն խորհրդարանէն ներս երեսփոխաններու վաւերացման կը ներկայացուի՝ հանրային սպասարկու հազարաւոր աշխատողներու գործէ արձակումը նախատեսող օրինագիծը: Խորհրդարանէն ներս քննարկումները սկսան երէկ, մինչ համատարած գործադուլ կ'իրագործուէր երկրի աշխատաւորական մեծագոյն սենտիքաներուն կողմէ, որոնք կտրուկ դէմ դասուած են նոր օրինագիծին: Անոնք ահազանգ կը հնչեցնեն, անդրադառնալով ինքնասպանութեան դիմած 1245 յոյն քաղաքացիներու թիւին, նշելով թէ ժողովուրդին մօտ տիրող յուսահատութեան զգացումը եւ ծայր աստիճան ճնչուած վիճակը՝ մարդկային զոհեր կը յառաջացնէ:
Աթէնքի կեդրոնը փակ մնաց, Սինտաղմայի հրապարակին շուրջ համախմբուած ցուցարարներու մեծ թիւին պատճառով:
Լարուած այս վիճակին առընթեր, վաղը Հինգշաբթի օր Աթէնք կը ժամանէ Գերմանիոյ տնտեսութեան նախարար Վոլֆկանկ Շոյպլէ, հանդիպումներ ունենալու համար կառավարական շրջանակներու եւ յատկապէս հելլէն իր պաշտօնակից Եանիս Սթուրնարասի հետ:
Ըստ եւրոպական շրջանակներու կողմէ փոխանցուած տեղեկութիւններու, այցելութեան նպատակը կը կեդրոնանայ Յունաստանին տրուող վարկի նոր գումարի մը շուրջ համաձայնութեան կայացման, որ պիտի վերաբերի 2014ի Բ. վեցամսեակի շրջանին:
Յունաստանի տնտեսութեան նախարարը լաւատես ներկայացած է Յունաստանի տնտեսական ապագայի կապակցութեամբ, դիտել տալով թէ 2014ը կայացման շրջան պիտի ըլլայ: