ԲՆԱԿԱՆ ԿԱԶԻ TAR ԽՈՂՈՎԱԿԱՇԱՐԻ ՇՈՒՐՋ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄՆԵՐ
Երէկ Կիրակի 19 Մայիսին, միօրեայ այցելութեամբ Պաքու գտնուեցաւ Յունաստանի վարչապետ Անտոնիս Սամարաս, հանդիպում ունենալով նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ եւ քննարկելով ուժանիւթի բնագաւառին կապուած հարցեր:
Ըստ յունական մամուլին՝ վարչապետի քըննարկումները կապուած էին բնական կազի փոխադրութեան TAR խողովակաշարին, որու շուրջ նախատեսումները կ'ընդգրկեն յոյն-թրքական սահմանագիծէն սկիզբ առնելու ծրագիրը, ապա Ալպանիոյ միջոցաւ կազի փոխադրութիւնը Իտալիա: Յոյն վարչապետի նպատակն էր ցոյց տալ Յունաստանի հետաքրքրութիւնը այս ծրագրի իրագործման գծով: Քննարկուած են նաեւ զբօսաշրջութեան եւ տնտեսութեան վերաբերող այլ հարցեր:
Անտոնիս Սամարաս Իհլամ Ալիեւին յանձնած է Յունաստանի նախագահ Գարոլոս Փափուլիասի կողմէ Աթէնք այցելելու հրաւէր: