Յունաստանի վարչապետ Անտոնիս Սամարաս հնգօրեայ այցելութիւն մը կուտայ Չինաստան։ Իրեն կ'ընկերանայ նախարարներէ, գործարարներէ եւ մամլոյ պատասխանատուներէ բաղկացած պատուիրակութիւն մը։
Յունաստանի վարչապետը կ'ուզէ ապահովել նաֆթի
խողովակաշարի շուրջ համաձայնութիւն մը, մինչ Ատրպէյճան
կ'ուզէ ընդլայնել իր ռազմավարական ներդրումները
Յունաստանի եւ Եւրոպական Միութեան մէջ
Հարուստ ծրագրով յագեցած Չինաստանի հնգօրեայ այցելութենէն ետք, մէկ օրով, Կիրակի օրուայ ընթացքին, ան պիտի այցելէ Պաքու, աշխատանքային հանդիպումներ իրագործելու համար Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն հետ։
Երէկ մամուլին մէջ լոյս տեսած հրապարակումներուն համաձայն, մինչեւ վերջին պահ անյստակ ծրագրով կ'ընթանար այցելութեան յայտագիրը։
Վարչապետին պիտի ընկերանան արտաքին գործոց նախարար Տիմիթրիս Աւրամոփուլոս, որ նախապատրաստած էր այս այցելութեան մանրամասնութիւնները, երբ Ապրիլի վերջաւորութեան այցելած էր Պաքու։ Ան յայտարարած էր թէ երկկողմ բարձր մակարդակի համագործակցութեան խորհուրդ մը պիտի կազմուի, երկու երկիրներու նախարարներու մասնակցութեամբ, ընդհանուր շահերու ապահովման ջանքերու ծիրէն ներս։
Քննարկումները ընդհանրապէս պիտի ներառնեն ուժանիւթի եւ խողովակաշարի ծրագրերուն կապուած խնդիրներ։ Ատրպէյճանի կառավարութիւնը հետաքրքրուած է յունական ՏԵՓԱ կազի սեփականաշնորհման ծրագրով։
Դիւանագիտական շրջանակներ համոզուած են որ ատրպէյճանական կողմը կը փափաքի ընդլայնել իր ռազմավարական համագործակցութիւնը Յունաստանի եւ Եւրոպական Միութեան հետ, պատրաստակամութիւն յայտնած ըլլալով՝ պետական հիմնադրամէն 50 միլիառ տոլարի ներդրումներ տրամադրել։ Գործակցութեան հիմնական մարզերն են զբօսաշրջութեան, գիւղատնտեսութեան եւ մշակոյթի բնագաւառները։