ԱՆՆԱԽԱԴԷՊ ԳՐԳՌՈՒԹԻՒՆ ՅՈՒՆԱՍՏԱՆԻ ԿՐԹԱԿԱՆ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԵԱՆ ԿՈՂՄԷ
Յունաստանի աշակերտական, աշխատաւորական շրջանակներուն համար տնտեսական հարցերու ստեղծած խիստ ու անորոշ ապագան ծանրօրէն չի կշռե՞ր Յունաստանի պետութեան համար, երբ հակառակ որ կը մերժէ գումարներ տրամադրել կրթական համակարգին,
նոյն պահուն 1 միլիոն եւրօի գումար կը խոստանայ ապահովել Աթէնքի կեդրոնական վայրերէն՝ Վոթանիքոսի մէջ մզկիթ մը կառուցելու համար:
Յունական defencenet.gr կայքէջը կը հաղորդէ թէ հելլէն խորհրդարանին կողմէ կրթութեան նախարարութիւն փոխանցուած է փաստաթուղթ մը, ըստ որու նախարարութիւնը պիտի փոխանցէ 946.000 եւրօի համարժէք վարկ՝ Յունաստանի զարգացման նախարարութեան, մզկիթի շինութեան համար աճուրդ կազմակերպելու նպատակով: Գումարը երկու մասնաբաժնով պիտի յատկացուի, մինչեւ Սեպտեմբեր, երբ նախատեսուած է շինութեան սկզբնական հանգրուանը:
Յիշեցնենք, որ կրթութեան նախարարութիւնը դպրոցական լման համակարգը տնտեսական «շրջափակումի» տակ պահեց՝ դպրոցներ միացնելով, ուսուցիչներ չվճարելով, բաւարար գիրքեր չտպելով, տնտեսական ճգնաժամի պատճառաբանութեամբ:
Ա՞յս է յունական պետութեան հաւասարակշռուած քաղաքականութեան արդիւնքը, Թուրքիոյ վարչապետ Թայիփ Էրտողանի մերժողական կեցուածքին դէմ, որ նոյն պահուն՝ Այիա Սոֆիան մզկիթի վերածելու մտադրութիւնը կը յայտնէ եւ կը մերժէ Խալքիի Աստուածաբանական վարժարանի բացումը...