Յաղթանակի ու գնահատանքի վառ խօսքերով կ'արտայայտուի թրքական մամուլը, անդրադառնալով Թուրքիոյ վարչապետ Թայիփ Էրտողանի վերջին առաջարկին՝ թէ Աթէնքի մէջ մզկիթ կառուցելու ֆինանսաւորումը ինք պիտի ստանձնէ:

Թրքական մամուլը կը գրէ, թէ Յունաստանի մահմետական զանգուածները «հիացումով եւ երախտագիտութեամբ» ընդունած են Թուրքիոյ վարչապետի առաջարկը...:

Յունական մամուլը իր կարգին կը նշէ թէ Թուրքիոյ «անմեղ» առաջարկը իսկութեան մէջ մեծ վտանգ կը ներկայացնէ, այն իմաստով թէ Յունաստանի մէջ որպէս մահմետականներու «պաշտպան» եւ մեծ բարեգործ կը ներկայանայ Թուրքիան:

Մի քանի տարիներ առաջ որպէս խեղկատակութիւն միայն կարելի պիտի ըլլար ըմբռնել Աթէնքի մէջ մզկիթ կառուցելու Թուրքիոյ պահանջքը, բայց ներկայ պայմաններուն տակ, երբ ապօրինի (կամ օրինաւոր) գաղթականներու թիւերը Աթէնքի եւ ընդհանրապէս Յունաստանի մէջ կտրուկ աճ արձանագրած են, յունական ընկերութիւնը ստիպուած կ'ըլլայ դիմագրաւելու նման հարցեր:

Չմոռնանք նաեւ թէ ապօրինի մահմետական գաղթականներու մեծ թիւերու ներխուժումը Յունաստան, ծանօթ է թէ իրագործուած է թրքական իշխանութիւններու «թոյլտուութեամբ» կամ՝ ցամաքային թէ ծովային սահմաններու անբաւարար հսկողութեամբ: