Աւելի քան 100.000 ժողովուրդ
իր հակառակութիւնը յայտնեց կառավարութեան ներկայացուցած օրինագիծին դէմ
ՅՈՒՇԱԳԻՐԸ ՎԱՒԵՐԱՑՈՒԵՑԱՒ 153 «ԱՅՈ», 128 «ՈՉ»
ԵՒ 18 «ՆԵՐԿԱՅ» ՔՈՒԷՆԵՐՈՎ.
7 ԵՐԵՍՓՈԽԱՆՆԵՐ ԴՈՒՐՍ ԴՐՈՒԵՑԱՆ ԻՐԵՆՑ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐԷՆ
Բազմամարդ խաղաղ ցոյցը Սինտաղմայի հրապարակին վրայ եւ շրջակայքին՝ յունական ընկերութեան բուռն հակառակութիւնը արտայայտեց տնտեսական յաւելեալ սեղմումներ յառաջացնող եւ ընկերային ու ապահովագրական իրաւունքները ոտնակոխող նոր յուշագրի որդեգրման գծով:
Երիտասարդ դիմակաւորներու կողմէ սովորական դարձած գրգռութիւնները ոստիկանութեան միջամտութեամբ վերջացան, վերջ տալով զանգուածային հրապարակային հանրահաւաքին: Ոստիկանութեան ուժերը «չափազանց նուիրածութիւն» ցոյց տուին իրենց պարտականութիւններու կատարման մէջ, մի քանի տասնեակ դիմակաւորներու եւ խաղաղ ցուցարարներուն դէմ լայնածաւալ հակազդեցութիւն ցոյց տալով, արցունքաբեր կազեր արձակելով եւ առաջին անգամ ըլլալով ինքնաշարժ մեքենաներէ ջուր սրսկելով ժողովուրդին դէմ:
Նոյն պահուն հելլէն խորհրդարանէն ներս տեղի կ'ունենար օրինագիծի քննարկումը, որ ծաղրերգութեան մը վերածուեցաւ, արժեզրկելով քաղաքական կեանքի բոլոր երեսները:
Ինչ կը վերաբերի քննարկուած օրինագիծի միջոցաւ վաւերացուած յուշագրին՝ երկրի գերագոյն դատարանը հակասահմանադրական բնորոշեց բազմաթիւ դրոյթներ, որոնք յայտնի պիտի դառնան օրէնքի իրագործման ժամանակ: Դատարանի այս որոշումը եկաւ բարդացնելու տիրող անորոշ վիճակը: