Համացանցային լրատուամիջոցները արագօրէն արձագանգ հանդիսացան Reuters լրատու հաստատութեան կողմէ հաղորդուած լուրին, իրարանցում յառաջացնելով քաղաքական դաշտի եւ շուկաներուն մէջ:


Eurogroup-ի աղբիւրներ վկայակոչելով Reuters՝ դիտել տուած է թէ հարցականի տակ է 12 Նոյեմբերին սպասուող 31.5 միլիառ եւրօ գումարի փոխանցումը:
Այլ աղբիւրներ նշած են թէ «թրոյքա»ի անդամներուն միջեւ տարակարծութիւն կայ, ինչ որ խոչընդոտ կը հանդիսանայ Յունաստանի վերաբերեալ վերջնական զեկուցագրի պատրաստութեան, որով պայմանաւորուած է նաեւ գումարի փոխանցումը: Եւրոպացի ղեկավարներ դիտել տուած են թէ 12 Նոյեմբերի հանդիպումը կրնայ վերջնական որոշումներու չյանգիլ եւ Յունաստան պէտք է տնտեսապէս կարողանայ դիմանալ, գէթ մինչեւ Նոյեմբերի վերջ...
Միւս կողմէ, հելլէն խորհրդարանէն ներս ներկայացուած է տնտեսական սեղմումներու 13.5 միլիառ եւրոյի նոր ծրագրի օրինագիծը, որ վաղը Չորեքշաբթի օր շտապ կարգով պիտի քննարկուի: Այս օրինագիծի հիմամբ՝ 25 տարեկանէ վեր մարդոց համար նուազագոյն ամսականը կը սահմանուի 586,08 եւրոյի, իսկ այդ տարիքէն վար՝ 510,95 եւրոյի: Աշխատաւորական սենտիքաները իրենց հակառակութիւնը կը յայտնեն վերոյիշեալ որոշումներուն գծով՝ 48 ժամուայ գործադուլ իրագործելով: