Գործադուլ ու զայրոյթ
Գործադուլներով եւ ցոյցերով եռօրեակ մը կը սկսի այսօր Յունաստանի մէջ, նոյն պահուն, երբ երկրի քաղաքական ուժերը կը փորձեն իրենց բոլոր ուժերը համախմբել՝ ի տես խորհրդարանէն ներս կայանալիք օրինագիծի քուէարկութեան:
Վարչապետ Անտոնիս Սամարաս իր կուսակցութեան խորհրդարանական խմբակը համախմբեց, խոստանալով թէ խորհրդարան ներկայաց-ւող օրինագիծը՝ սեղմումներ եւ կրճատումներ որոշող վերջին քայլը պիտի ըլլայ:
Քուէարկութիւնը պիտի կայանայ Չորեքշաբթի օր, բայց գործադուլը սկսաւ այսօր, հանրային փոխադրամիջոցներու եւ ելեկտրականութեան ընկերութեան աշխատաւորներու մասնակցութեամբ: Գործադուլի դիմած են նաեւ լրագրողներու եւ դեղագործներու սենտիքաները, հիւանդանոցներու մէջ աշխատող բժիշկներ եւ պաշտօնեաներ, դրամատուներու եւ դատախազութեանց աշխատակիցներ:
Երեքշաբթի եւ Չորեքշաբթի օրերուն ցոյցեր պիտի կազմակերպուին Աթէնքի, Թեսաղոնիկէի եւ երկրի մեծագոյն քաղաքներուն մէջ: