Ռուսական ծովային ուժերու ղեկավարութեան կողմէ հաստատուեցաւ հելլէն մամուլին հրապարակումը՝ Եգէականի մէջ իրագործուող ռուսական եւ յունական միացեալ ռազմափորձերու կապակցութեամբ:
RIA Novosti լրատու գործակալութեան խօսելով ռուս ընդհանուր հրամանատարը, նկարագրեց ռազմափորձի բնոյթը դիտել տալով, թէ ռազմական տարբեր բնոյթի վարժութիւններ կ'իրագործուին, ինչպէս եւ փորձեր՝ ցած թռիչքներ կատարող սաւառնակներու դէմ:
Սեւ Ծովու նաւատորմին պատկանող ռուսական Նովորցըրքասք նաւը Փիրէայի նաւահանգիստէն ներս ընդունուեցաւ՝ ջուրի եւ վառելանիւթի մատակարարման համար:
Միացեալ ռազմափորձին կը մասնակցին երկու յունական նաւեր: Ինչպէս յայտնի կը դառնայ հաղորդուած լուրէն, Մոսկուա կարեւորութեամբ կ'անդրադառնայ ռազ- մափորձի քաղաքական նշանակութեան: