Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլու հանդիպումներու շարք մը կ'իրագործէ այսօր Աթէնքի մէջ:

Ան հանդիպում ունեցաւ վարչապետ Անտոնիս Սամարասի, ապա ժամը 11:00ին հանդիպեցաւ իր պաշտօնակից Տիմիթրիս Աւրամոփուլոսի հետ: Նոյն պահուն ընդլայնուած նիստ գումարուեցաւ երկու երկիրներու պատուիրակութիւններուն միջեւ:
Երկու նախարարներու միջեւ քննարկումներու նիւթ կազմեցին տարածաշրջանային հարցերը (օրակարգի մեծ մասը սուրիական հարցին կը վերաբերէր), ինչպէս նաեւ Յունաստանի վարչապետի Թուրքիա այցելութեան մանրամասնութիւնները:
Աթէնք եւ Անգարա կÿուզեն ցոյց տալ թէ երկու երկիրներու միջեւ երկխօսութիւնը բարձր մակարդակի վրայ է: Տուեալ մթնոլորտը նախապայման է՝ Եգէականի մէջ քարիւղի եւ բնական կազի օգտագործման ծրագիրներու «փոխադարձաբար արդիւնաբեր» ընթացքը ապահովելու համար...
Թուրքիոյ դիւանագիտութեան ղեկավարի այցելութեան դէմ բողոքի ցոյց կը կազմակերպեն այսօր կիպրական-յունական կազմակերպութիւններ:

Հ.Յ.Դ Հայ Դատի Յանձնախումբի
մամլոյ յայտարարութիւնը

Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ Դատի Յանձնախումբը Տաւութօղլուի այցելութեան դէմ յայտարարութիւն մը ուղարկած է հելլէն եւ օտար լրատուամիջոցներուն, բողոքելով Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցով Թուրքիոյ մերժող ու խեղաթիւրող կեցուածքին դէմ ու պահանջելով Հայաստանի շրջափակման վերացումը:
Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Երիտասարդական Միութեան Կեդրոնական Վարչութիւնը իր կարգին, Յունաստանի պոնտական կազմակերպութիւններուն հետ միասնական բողոքի յայտարարութիւն մը հրատարակած է, որ ուղղուած ու տարածուած է հելլէն մամուլին: