Ապահովութեան խստագոյն միջոցներով եւ ինքնաշարժներու ու հանրակառքերու շրջագայութեան արգիլումներով յատկանշուած է Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելի Աթէնք այցելութիւնը: Այսօր առաւօտեան ժամը 11:00էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 16:00 փակ  պիտի մնան մեթրոյի վեց կայարաններ:


Ինչ կը վերաբերի Անկելա Մերքելի այցելութեան ծրագրին, նախատեսուած է հանդիպում վարչապետ Անտոնիս Սամարասի հետ, ապա  կէսօրուան ժամը 16:45ին Յունաստանի նախագահ Գարոլոս Փափուլիաս պիտի ընդունի Անկելա Մերքելին:
Մերքելի այցելութեան դէմ բողոքի ցոյցեր տեղի պիտի ունենան Աթէնքի երկու կեդրոնական հրապարակներուն վրայ: Ժամը 12:00էն մինչեւ 15:00 գործադուլ պիտի կատարեն հանրային սպասարկութեանց բոլոր պաշտօնեաները:
Ոստիկանութեան ձեռք առած ապահովական խստագոյն միջոցները բուռն կերպով կը քննադատուին քաղաքացիներուն  կողմէ: Երէկ, «Անանուն»ներու խմբակցութեան կողմէ համակարգչային յարձակումի ենթարկուեցան Յունաստանի պետական հաստատութեանց կարգ մը կայքէջեր, անոնց շարքին նաեւ Քաղաքացիի պաշտպանութեան նախարարութեան կայքէջը, որպէս բողոք ոստիկանութեան որդեգրած ապահովութեան միջոցներուն, որ կը միտին սահմանափակել բողոքի ցոյցերը: