Աթէնք կը վերադառնայ Յունաստանի վերահսկողութեան՝ «թրոյքա»ի մարմինը, այս շաբթու մէջ վերջնական իրենց ձեւաւորումին հասցնելով քաղաքացիներուն ծանրօրէն հարուածող նոր օրինագիծերը:

Այս օրինագիծերու քուէարկումը ուղղակիօրէն առընչուած է Յունաստանի տրամադրուած վարկի յաջորդ բաժնի փոխանցման հետ, որու համար անհրաժեշտ նախապայման կը նկատուի:
Ըստ յունական մամուլի հաղորդած տուեալներուն, 2.9 միլիառ յաւելեալ տուրքեր պիտի բեռցուին յոյն քաղաքացիներուն վրայ, ընկերային տարբեր խաւերուն վրայ անարդար բաժանումի հիմամբ, քանի որ անոնց մեծ մասը բաժին պիտի իյնայ 20.000-40.000 տարեկան եկամուտ արձանագրող ազատ շուկայի արհեստաւորներու, պաշտօնեաներու, հողագործներու եւ թոշակառուներու վրայ:
Ընդհակառակը՝ հարկերու թեթեւացում կը նախատեսուի տարեկան 50.000 եկամուտ արձանագրող քաղաքացիներուն համար, տուեալ՝ որ քաղաքական եւ ընկերային բախումներու մեծ դուռ կը բանայ...