Յունաստանի տնտեսութեան նախարարութիւնը կը դիմագրաւէ քաղաքացիներու հարկային վճարումներու անկարողութեան խնդիր: Մարդիկ կը դժուարանան հարկային իրենց պարտաւորութիւնները լրացնելու, բազմապատկուած հարկերու բարձր գումարներուն պատճառով:


Տնտեսութեան փոխ նախարար Ե. Մաւրաղանիս, յայտնած է թէ նախարարութիւնը դէմ յանդիման կը գտնուի ամէն օր հարկային սպասարկութիւն ներկայացող քաղաքացիներու շատ մեծ թիւի մը առջեւ, որոնք դիւրացումներ կը խնդրեն, իրենց հարկերը մաս առ մաս վճարելու նպատակով:
Նախարարութիւնը նոր ծրագիր կը մշակէ, վճարումները 6 կամ 9 բաժնի վերածելու իմաստով: Այս քայլը շունչ մը պիտի տայ մարդոց, պարտքերու կուտակումը եւս կանգարգիլելով:
Ըստ հրապարակուած տուեալներու՝ 5.7 միլիոն մարդ հարկային փաստաթուղթ ներկայացնելու պարտաւորութիւն ունի: Առ այժմ ներկայացուած փաստաթուղթերը հազիւ 2.2 միլիոն են: Փաստաթուղթերը հարկային սպասարկութեան մօտ ներկայացնելու պայմանաժամը կÿաւարտի Յուլիս 16ին:

«Թրոյքա»ի հանդիպումները՝ յառաջիկայ 72 ժամուան մէջ

Այսօր Աթէնքի մէջ հանդիպումներ կÿունենայ «թրոյքա»ի խմբակը, որ կառավարութեան տնտեսական քաղաքականութեան արդիւնքներու գնահատականը կը կազմէ: Յառաջիկայ 72 ժամուան ընթացքին նախատեսուած են հանդիպումներ տարբեր բնագաւառներու նախարարներուն հետ: «Թրոյքա»ն խստացուած միջոցներով կը պահանջէ բարձրացնել հարկային գանձումներու գումարները, ինչպէս եւ կը պնդէ հանրային մարզի սահմանափակման եւ սեփականաշնորհումներու քաղաքականութեան կիրարման վրայ: