Եւրոպական Միութեան երկիրներու ղեկավարները ճնշուած մթնոլորտի մէջ իրենց  յարաբերութիւները կը շարունակեն, եւրոպական տագնապը լուծելու ճիշդ քայլերը փնտռելով:

Եւրոպացի ղեկավարները դէմ յանդիման կանգնած են Եւրոպայի ապագային համար վճռորոշ գագաթնաժողովի նախօրեակին, շարունակական հանդիպումներ իրագործելով: «Չորս»երու խմբակը՝ Մերքել, Հոլանտ, Մոնտի եւ Ռախոյ, առայժմ չէ կարողացած համաձայնիլ հասարակաց ուղիի մը շուրջ: Ընդհակառակը, Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել, ծայրայեղութեան գնաց, յայտարարելով թէ «որքան ես կ'ապրիմ, պիտի չարտօնեմ եւրոպական պարտատոմսի ստեղծումը», անարդիւնաւէտ նկատելով այդ գաղափարը:
Պրիւքսելի մէջ Յունաստանի պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէ հանրապետութեան նախագահ Գարոլոս Փափուլիաս, վարչապետ Անտոնիս Սամարասի դիմագրաւած առողջական հարցին պատճառով: Եւրոպացի ղեկավարներու ուշադրութեան պիտի յանձնուի Յունաստանի կառավարութեան մտադրութիւնները պարզաբանող նամակ մը, ուր կը յայտնուի թէ Յունաստան վճռակամ է իր պարտաւորութիւնները լրացնելու գործընթացին մէջ, սակայն անհրաժեշտ կը նկատէ յուշագրի պայմաններու վերապատշաճեցումը՝ երկրի տնտեսութեան զարգացման հնարաւորութիւններ ստեղծելու նպատակով:
Եւրոպացի ղեկավարները կը գիտակցին թէ Եւրոպայի երկիրներու ապագան ճշդող, ինչպէս եւ եւրօ դրամանիշի հզօրացման նպատակներով գումարուող գագաթնաժողովը՝ պարտաւոր է տագնապը դիմագրաւելու անյետաձգելի քայլեր ճշդելու: