Երկրի  ապագային  համար ճակատագրական բնորոշուած  այս ընտրութիւններուն 10  քուէարկողի  վրայ  4ը՝ քուէատուփ  չներկայացաւ

Երէկուան ընտրութիւններու արդիւնքներու 99%ի հաշուարկումի հիմամբ՝ հելլէն խորհրդարանէն ներս մուտք կը գործեն 7 կուսակցութիւններ:
Քուէներու մեծամասնութիւնը խլած է Նոր Հանրապետութիւնը՝ 29.6% տոկոսով (129 աթոռ), երկրորդ Սիրիզա՝ 26.9%ով (71 աթոռ):


Կը յաջորդեն՝ ՓԱՍՕՔ 12.28% (33 աթոռ), Անկախ յոյներ 7.51% (20 աթոռ), Ոսկեայ արշալոյս 6.92% (18 աթոռ), ՏԻՄԱՐ 6.25% (17 աթոռ) եւ Համայնավար կուսակցութիւն 4.51% (12 աթոռ):
Խորհրդարանէն դուրս մնացին «Ստեղծագործութիւն դարձեալ» 1.59%, ԼԱՕՍ 1.58% եւ բնապահպաններու կուսակցութիւնը  0.88%ով:
Ընտրող զանգուածի 40%ը քուէատուփ չներկայացաւ, հեռու մնալով երէկուան ընտրութիւններէն: Հակառակ որ ծանօթ էր երկրի ապագային համար ճակատագրական պահը, 10 քուէարկողի վրայ 4ը՝ ընտրական կեդրոն չներկայացան:
Յոյն քաղաքացիներու տարիքային բաժանումը հետեւեալ ձեւով կը ներկայացնէ Offsite-ը, դիտել տալով թէ ՍԻՐԻԶԱ ընդունուած կը թուի ըլլալ մինչեւ 54 տարեկան քաղաքացիներուն մօտ: Նոր Հանրապետութիւնը ջախջախիչ մեծամասնութիւն է 55է վեր անձերուն մօտ:  Նոյն տարիքային բաժանումին մէջ բարձր տոկոսներ կը գրաւէ նաեւ ՓԱՍՕՔը:
Օտար լրատուամիջոցները փութացին շնորհաւորելու Անտոնիս Սամարասի յաղթանակը, նշելով թէ եւրոյի ի նպաստ արդիւնք մըն էր: Գերմանական եւ բրիտանական լրատուամիջոցները աւելցուցին թէ եւրոպական քաղաքականութեան ապագային համար խիստ կարեւոր էր երէկուան օրը:
Կառավարութեան կազմութեան խորհրդակցութիւնները մեծ թափով կÿիրագործուին այսօր: Առաւօտեան ժամը 10ին կայացաւ Նոր Հանրապետութեան ղեկավար Անտոնիս Սամարասի հանդիպումը հանրապետութեան նախագահ Գարոլոս Փափուլիասի հետ, ուր կառավարութիւն կազմելու հրահանգ ստացաւ: Ապա ժամը 11:30ին տեղի ունեցաւ Գ. Փափուլիասի հանդիպումը հելլէն խորհրդարանի նախագահ Վիրոն Փոլիտորասի հետ: Կ'ենթադրուի թէ Նոր Հանրապետութիւն-ՓԱՍՕք համագործակցութիւնը տուեալ պէտք է համարել, ՏԻՄԱՐի մասնակցութեամբ: