«Թուրքիոյ տնտեսութիւնը վերելքի մէջ կրնայ ըլլալ, սակայն նոյն պահուն, Թուրքիոյ մէջ ժողովրդավարութիւնը խոր նահանջի մէջ է» խօսքերով արտայայտուեցաւ յոյն եւրոերեսփոխան եւ Եւրոպական Միութիւն-Թուրքիա խորհրդակցական համախմբումի փոխ նախագահ տիկին Մարիլենա Քոփփա:
Դէպքը պատահեցաւ Սթրազպուրկի մէջ, երբ Թուրքիոյ եւ Եւրոպական Մի- ութեան յարաբերութիւններու նախարար Էկէմէն Պակըշ խօսեցաւ Էրտողանի կառավարութեան կողմէ ձեռնարկուող փոփոխութիւններուն մա-սին, մարդկային իրաւանց յարգումի ծիրէն ներս: Ան գրգռիչ դարձաւ, երբ ակնարկելով Եւրոպական Խորհուրդի Կիպրոսի նախագահութեան, ըսաւ թէ «Դուք՝ եւրոպացիներդ, պիտի այցելէք Կիպրոսի այն մասը, որ կը ճանչնաք, իսկ մենք Թուրքիայէն՝ պիտի այցելենք այն բաժինը որ մե՛նք կը ճանչնանք»:
Եւրոերեսփոխան Մարիլենա Քոփփա շարունակեց քննադատական իր խօսքերը, անդրադառնալով քիւրտ պատգամաւոր Լէյլա Զանայի դատական նոր հետապնդումին: Ան դիտել տուաւ թէ 104 լրագրողներ եւ 35 մամլոյ աշխատակիցներ բանտարկուած են թրքական բանտերուն մէջ: Ընդհանուրին մէջ այն մատնանշեց, թէ Թուրքիոյ մէջ մարդկային իրաւունքներու վիճակը կը վատթարանայ օրէ-օր: