Որպէս «ազգային գերակոյն կարեւորութեան հարց» բնորոշելով երկրի ընթացքը յառաջիկայ ժամանակաշրջանին, Յունաստանի վարչապետ Լուքաս Փափատիմոս, երէկ յայտարարեց ընտրութիւններու կազմակերպման թուականը։


Ինչպէս յայտնի դարձաւ Մայիս 6ը կը նշանաւորէ ընտրութիւններու կայացման թուականը Յունաստանի մէջ։
Նոյն օր տեղի պիտի ունենան նաեւ Հայաստանի խորհրդարանական եւ Ֆրանսայի նախագահական ընտրութիւնները։
Խօսելով ընտրութիւններու «յաջորդ օրուայ» ծրագրի մասին, Յունաստանի վարչապետը դիտել տուաւ, թէ նոր կառավարութիւնը դժուարութիւններ դիմագրաւելու պատրաստ պէտք է ըլլայ ու շեշտեց թէ անկարելի է անվնաս դուրս գալ տագնապէն։
Նոր հրապարակուած Metron Analysis ընկերութեան հարցախոյզի հիմամբ, նախատեսումները ցոյց կուտան Նոր Հանրապետութիւն կուսակցութեան գերակայութիւն՝ 16.5% տոկոսով, ապա ՓԱՍՕՔ 10.4%, Համայնավար կուսակցութիւն 7.4%, Անկախ յոյներ 6.5%, Սիրիզա 6.4%: Յայտնի է բոլոր կուսակցութիւններու ցած ցուցանիշը: Ըստ հարցախոյզին 8 կուսակցութիւններ մուտք պիտի գործեն խորհրդարան:
Քաղաքացիներու անկախ խումբերու շարժումներ կը նախազգուշացնեն թէ ճերմակ կամ անվաւեր քուէն, ինչպէս եւ ընտրութիւններու մասնակցութեան մերժումը, ի նպաստ են առաջնակարգ կուսակցութիւններուն: