Զատկուան արձակուրդի նախօրեակին, այսօր իր վերջին հանդիպումը կ'ունենայ Յունաստանի նախարարաց խորհուրդը, որուն պիտի յաջորդէ հանրապետութեան նախագահ Գարոլոս Փափուլիասի եւ վարչապետ Լուքաս Փափատիմոսի հանդիպումը:

Վարչապետը նախագահական ապարանք պիտի այցելէ կէսօրէ ետք ժամը 5ին, խորհրդարանի աշխատանքներու աւարտը նշանակելու եւ ընտրութիւններու թուականի յստակացումը կատարելու համար:
Խորհրդարանի նախագահ Ֆիլիփոս Փեցալնիքոս, երէկ կայացած խորհրդաժողովի աւարտին, յայտնեց թէ խորհրդարանական նիստերը աւարտած կը նկատուին եւ նոր ժամանակաշրջանի բացումը պիտի կատարուի Մայիսին: