ՅՈՒՆԱՍՏԱՆ

Խիստ լարուած մթնոլորտի մէջ կÿընթանայ Յունաստանի խորհրդարանական ընտրութիւններու կազմակերպման թուականի հարցը, վարչապետ Լուքաս Փափատիմոսի յայտարարութիւններէն ետք, երբ անդրադառնալով դրամատնային համակարգի վերականգնման անհրաժեշտութեան շեշտեց, թէ

կառավարութիւնը շատ մօտ կը գտնուի վերջնական հանգրուանի կայացման: Այս կը նշանակէ, թէ մինչեւ Ապրիլ 20՝ նախարարական խորհուրդի որոշումը կայացած պիտի ըլլայ, ապա շատ սեղմ ժամանակամիջոցի մէջ պիտի կազմակերպուին ընտրութիւնները:

10 նոր հարկեր՝ ընտրութիւններէն ետք

Նախընտրական շրջանի մէջ է արդէն Յունաստանի քաղաքական կեանքը: Կուսակցութիւնները իրենց առաջնահերթութիւնները կÿորոշեն եւ ուժերը կը չափեն: Նոյն պահուն քաղաքացիներուն համար հարկային ճնշումներու նոր շրջան մը        դարձեալ պիտի սկսի, ընտրութիւններէն անմիջապէս ետք: Կառավարութիւնը պէտք ունի 8-9 միլիառ եւրոյի, իսկ հաւաքելու համար այս գումարը՝ տուեալ է թէ հարկային նոր ձեւերու պիտի դիմէ:
Ըստ «Սոֆոքլէուս» կայքէջի տեղեկութիւններուն՝ անշարժ գոյքի հարկ պիտի գանձուի 5.5 միլիոն սեփականատէրերէ, որոնք պիտի կոչուին ՖԱՓը վճարելու՝ Մայիսէն մինչեւ Հոկտեմբեր:
Ելեկտրականութեան հաշիւներու միջոցաւ 5.5 միլիոն քաղաքացիներու պիտի ուղարկուի սեփական գոյքի յատուկ տուրքը, որ պիտի ընդգրկէ Մայիս 2012էն մինչեւ Փետրուար 2013 ժամանակաշրջանը:
Այն քաղաքացիներուն համար որոնց եկամուտը տարեկան 12.000է բարձր է, նախատեսուած է Իրերօգնութեան Յատուկ Տուրքի վճարում, որ  հարկային պետական հաստատութեան կողմէ պիտի գանձուի: