Սինտաղմայի հրապարակի ծառերուն միջեւ կանգնած, անցորդներու զարմացած աչքերուն առջեւ՝ անձնասպանութեան դիմեց 77-ամեայ թոշակաւոր յոյն քաղաքացի մը: Իր ետին թողած գրութեան մէջ ան կը յայտնէր, թէ ահաւոր տնտեսական վիճակ դիմագրաւելով, անձնասպանութեան դիմեց՝ իր արժանապատուութիւնը փրկելու համար:


Դէպքի լոյսին տակ բողոքի երթ մը կազմակերպուեցաւ երէկ երեկոյեան, որ լարուած մթնոլորտի մէջ անցաւ: Բախումներ տեղի ունեցան բողոքող քաղաքացիներու եւ ոստիկանութեան միջեւ: Ոստիկանական ուժերը աննախընթաց բիրտ վերաբերում ցուցաբերեցին լրագրողներուն հանդէպ, երեք թղթակիցներ վիրաւորելով: Ցոյցը սկսաւ գիշերուայ ժամը 8ին, երբ բողոքող քաղաքացիները համախմբուեցան խորհրդարանի շէնքին առջեւ, վառուած մոմեր ձգելու նպատակով: Ոստիկանութիւնը քիմիական կազերու գործածութեան դիմեց, անհարկի լարուածութիւն ստեղծելով: Տաս հոգի ձերաբակալուեցաւ: