Հիւսիսային Յունաստանէն մինչեւ կղզիներ, մեծ ու փոքր քաղաքներու մէջ տեղի ունեցած աշակերտական տողանցքները իրականացան ժողովրդային բողոքի բուռն արտայայտութիւններու տակ, երկրի քաղաքական ղեկավարութեան դէմ հնչած քննադատական խիստ արտայայտութիւններով:


Չորս հազարէ աւելի ոստիկաններ հսկողութիւն կատարեցին մայրաքաղաք Աթէնքի մէջ: Ոստիկանական մեծաթիւ ուժերու տակ հսկողութիւնը արգելք չեղաւ քաղաքացիներուն, որոնք տեղ-տեղ հաւկիթներ նետեցին կամ տարբեր ձեւերով իրենց բողոքը արտայայտեցին՝ «գողեր» եւ «դաւաճաններ» բացագանչելով: Աշակերտներէն ոմանք, տողանցքի պահուն, պաշտօնական հիւրերուն դէմ կեցուածք  ճշդեցին, տարբեր ձեւերով: Առաջին անգամ ըլլալով տողանցքէն բացակայեցան պատերազմի զոհերու եւ վիրաւորներու ներկայացուցիչները:
Զարմանք պատճառեց պաշտպանութեան նախարար Տիմիթրիս Աւրամոփուլոսի արտայայտութիւնը, թէ «վերջին տարիներու լաւագոյն տողանցքը կազմակերպուեցաւ այս տարի»...: