Financial Times Deutschland թերթը վկայակոչելով IFO ինսթիթութի գիտաշխատողներու տուեալները, կը յայտնէ
թէ Վիեթնամ եւ Փերու տնտեսական աւելի բարգաւաճ վիճակի մէջ են, քան Յունաստանը...:
«Յունաստանի տնտեսութիւնը հետզհետէ դէպի անդունդ կը խորասուզուի» խորագիրով իր գրութեան մէջ, գերմանական թերթը դիտել կուտայ թէ այն պարագային որ տնտեսական անկումը գերազանցէ 8%ի տոկոսը, այն ժամանակ Յունաստանի դասակարգումը դեռ պիտի նուազի՝ Պանկլատէշէն ու Չիլիէն ցած, որոնց տնտեսական իրավիճակը աճ կÿարձանագրէ:
Յունաստանի կառավարութեան կողմէ ամսականներու եւ թոշակներու կտրուկ նուազումը պատճառ դարձած է երկրի դասակարգման ցած չափանիշին: