Յունաստանի մէջ լոյս տեսնող «Միրի Օմոնիա» ռուսալեզու շաբաթաթերթը հարցազրոյց մը հրատարակած է անցեալ շաբաթ Աթէնք այցելած պուլկարացի լրագրող Ցվետանա Փասքալեւայի հետ:

Թերթի խմբագիր տիկին Ինկա Ապկարովա տեսակցութիւն ունեցած է Փասքալեւայի հետ, Աթէնքի Ռազմական թանգարանէն ներս «Ղարաբաղի վէրքերը» ժապաւէնի ցուցադրութեան առիթով: