Յունական «Միքրասիաթիս» կայքէջը կը հաղորդէ, թէ Եւրոպայի Խորհուրդի Խորհրդարանական Համաժողովը, 26 Յունուար 2012ի իր նիստին ընթացքին, բանաձեւ մը քուէարկած է, ուր կÿազդարարէ Թուրքիոյ ճանչնալ Հայոց, Պոնտոսցի յոյներու եւ ասորիներու ցեղասպանութիւնները:


Հրանդ Տինքի սպանութեան 5րդ տարելիցին առիթով տեղի ունեցած քննարկումներուն ընթացքին, խորհրդարանականները խոր մտահոգութիւն արտայայտած են Թուրքիոյ շարունակական մերժողական քաղաքականութեան կապակցութեամբ, ինչպէս եւ լրագրողներու եւ գրագէտներու հալածանքին ու թրքական օրէնսդութեան 301րդ յօդուածին մասին:
Հայաստանի ներկայացուցիչ, խորհրդարանական Զարուհի Փոսթանճեանի կողմէ առաջարկուած, ապա 35 անդամներու կողմէ ստորագրուած է բանաձեւը:
Յոյն եւ կիպրացի խորհրդարանականները եւս ստորագրած են բանաձեւը: Անոնք հետեւեալներն են՝ Յունաստանէն Նիքոլաոս Տենտիաս եւ Կիպրոսէն Սթելլա Քիրիաքիտու եւ Եորղոս Լուքաիտիս: