Մարաթոնային բանակցութիւններու գիշեր մը
Ծանր մթնոլորտի եւ ահաւոր ճնշումներու կլիմայի մէջ, առաւօտեան կանուխ ժամերուն, իր աւարտին հասաւ Պրիւքսելի մէջ Եւրոպական Միութեան
գագաթնաժողովը։ Առաջին իսկ վայրկեանէն յայտնի էր ճնշումներու եւ պահանջներու խիստ քաղաքականութիւն, որ որդեգրուեցաւ Յունաստանի վարչապետին հանդէպ։ Երկու առանձնակի հանդիպումներ տեղի ունեցան վարչապետ Ալեքսիս Ցիփրասի եւ Անկելա Մերքելի, Ֆրանսուա Հոլլանտի եւ Տոնալտ Թուսքի միջեւ, գագաթնաժողովի դադարներուն ընթացքին։ Ըստ մամլոյ տեղեկութիւններուն, Ալեքսիս Ցիփրասին կ'ուզեն պարտադրել 50 միլիառ եւրօ գումարի արժէքով յունական գոյգի փոխանցումը Լիւքսեմպուրկի յատուկ ընկերութեան մը, վարկի մարման գործընթացի ապահովման նպատակով։ Իրավիճակը ծանրօրէն բեւեռացաւ նման պահանջքներու լոյսին տակ, որ մերժելի են Յունաստանի կողմէ եւ կը միտին արժեզրկել ու խոցել յունական պետութիւնը։
Յունաստանը խստօրէն տագնապեցնող տնտեսական պայքարի վերջին պահերը ընթացան անցնող շաբաթավերջին, Պրիւքսելի մէջ, ուր Շաբաթ օրուայ Եւրոգօտիի տնտեսութեան նախարարներու խորհրդաժողովին յաջորդեց Կիրակի օրուայ քաղաքական ղեկավարներու խորհրդաժողովը, երկրին համար տնտեսական ծանր միջոցներու որդեգրման անմիջական պահանջով։
Յունական կողմը ներկայացուց իր առաջարկները, Ֆրանսայի եւ այլ երկիրներու տնտեսութեան նախարարներու զօրակցական կեցուածքներով, այսուհանդերձ՝ հսկայական այս ճիգին հակասելու եկաւ Գերմանիոյ տնտեսութեան նախարարի եւ իր «հետեւորդներու» (օրինակ ֆինլանտացի նախարարի) կոպիտ կեցուածքը։
Նշենք, որ մթնոլորտը արդէն խանգարուած էր, երբ ի յայտ եկաւ Գերմանիոյ տնտեսութեան նախարար Վոլֆկանկ Շոյպլէի հնգամեայ ծրագիր մը, ըստ որու մարդասիրական ծրագիր մը կրնար իրագործուիլ Յունաստանի համար, պայմանաւ որ երկիրը լքէ եւրոյի դրամանիշը...։ Յունաստանի կառավարութիւնը կտրուկ մերժեց նման տարբերակ։
Կրակի եւ երկաթի միջեւ
Եւրոգօտիի նախարարները լուրջ մտահոգութիւն յայտնած են, եթէ Յունաստան կարողութիւնը պիտի ունենայ իրականացնելու պահանջուած բարեփոխումներու ծրագիրը, անվստահութիւն յայտնելով կառավարութեան հետագայ քայլերուն ուղղութեամբ։ Այս իմաստով ալ, կառավարութեան դէմ լուրջ խոչընդոտ էր, երկու օր առաջ Յունաստանի խորհրդարանին մէջ կայացած քուէարկութիւնը, երբ Համաձայնագրի կայացման ի նպաստ քուէարկեց պատգամաւորներու ջախջախիչ մեծամասնութիւնը, սակայն իշխող կուսակցութեան կարեւոր թիւ մը դէմ կանգնեցաւ, յանձինս՝ խորհրդարանի նախագահուհիին, երկու նախարարներու եւ 14 երեսփոխաններու։ Այս իրավիճակը յայտնի է թէ արագընթաց զարգացումներ եւ փոփոխութիւններ կը վերապահէ կառավարութեան համար։
Պառակտում Պրիւքսելի եւ Պեռլինի միջեւ
Յունաստանը պառակտում կը բերէ Պրիւքսելի եւ Պեռլինի միջեւ։ Աթէնքի վարկատուները երբեք դարձեալ նման պառակտուած վիճակ չդիմագրաւեցին, որքան վերջին 24 ժամուան ընթացքին։ Պառակտիչ հարցը՝ Համաձայնագրի ընդունո՞ւմ, կամ Յունաստանի «առժամեայ» վտարում Եւրոգօտիէն...։ Առաջին պարագային ի նպաստ դասուեցան Ֆրանսա եւ Իտալիա, մինչ երկրորդին յամառօրէն պնդեցին Գերմանիա եւ իր դաշնակիցները, հիմնականօրէն Յունաստանի «պատիժը» հետապնդելով, ինչպէս եւ օրինակելի պարագայ մը, ապագայ այլ «ապստամբներու» դէմ։
Գերմանական Die Welt թերթը դիտել կուտայ թէ Յունաստանի վտարման տարբերակը յառաջ քշող Գերմանիոյ պնդումներուն աջակցեցան 8 այլ երկիրներ՝ Էսթոնիա, Լեթոնիա, Լիթուանիա, Հոլլանտա, Պելճիքա, Ֆինլանտա, Սլովենիա եւ Սլովաքիա։ Grexit-ի դէմ դասուած են Ֆրանա, Իտալիա եւ Կիպրոս, ինչպէս եւ Եւրոպական խորհրդարանն ու Քոմիսիոնը։ Միջին թեզ մը կը պաշտպանեն Մալթա, Լիւքսեմպուրկ, Սպանիա, Փորթուկալ, Իրլանտա, ինչպէս եւ Եւրոգօտիի նախագահ Երուն Տայսելպլում։ Չեզոք է միայն Աւստրիան։
Կարեւոր այս տարբերութիւնները ի յայտ եկան նաեւ օգտագործուած բառամթերքէն։ Ֆրանսուա Հոլանտ խօսելով Յունաստանի առաջարկներու մասին, անոնք բնորոշեց «հաւաստի եւ լուրջ», մինչ Վոլֆկանկ Շոյպլէ «անբաւարար եւ անյոյս»։ Անկելա Մերքել եւս իր կարգին խօսեցաւ անվստահութեան մթնոլորտի մասին։
Գործընթացը աշխուժացած է, հիմնականօրէն կեդրոնանալով Յունաստանի դրամատուներու համակարգի վերականգնման ճիգին վրայ։
Երէկուայ բեւեռացած մարաթոնային խորհրդաժողովներէն ետք, այսօր կէսօրին դարձեալ կը հանդիպին Եւրոգօտիի անդամները, ակնկալուող անմիջական արդիւնքներու պահը սակայն յետաձգելով՝ շաբթու մէջ ծրագրուած երկու նոր հանդիպումներու։