Ապրիլ 15ին Յունաստանի մէջ Հ.Հ. դեսպան Գագիկ Ղալաչեան հանդիպում ունեցաւ Յունաստանի խորհրդարանի նախագահ Զոյի Գոնստատոփուլուի հետ։
Կողմերը քննարկեցին հայ-յունական երկկողմ յարաբերութիւնները, որոնց այժմու մակարդակը երկուստեք արժանացաւ բարձր գնահատանքի: Անդրադարձ կատարուեցաւ երկու երկիրներու քաղաքական, տնտեսական, ռազմական յարաբերութիւններու խորացման հնարաւորութիւններուն: Կարեւոր նկատելով խորհրդարանական դիւանագիտութեան նշանակութիւնը երկկողմ յարաբերութիւններու զարգացման գործով՝ զրուցակիցները մասնաւորապէս անդրադարձան խորհրդարանական ձեւաչափին: Յունաստանի խորհրդարանի նախագահը հաստատեց, որ պիտի այցելէ Հայաստան՝ Հայոց ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցի միջոցառումներուն Յունաստանը ներկայացնելու նպատակով: Հանդիպման աւարտին, Զոյի Գոնստատոփուլուն վերահաստատեց ՀՀ. Ազգային Ժողովին հետ աւանդական ջերմ յարաբերութիւնները շարունակելու եւ աւելիով զարգացնելու իր պատրաստակամութիւնը: