Ալեքսիս Ցիփրասի կառավարութիւնը 4 գեր-նախարարութիւններով պիտի գործէ

Կառավարութեան կազմի եւ գործունէութեան մէջ արմատական փոփոխութիւններ կատարելով կը սկսի Ալեքսիս Ցիփրասի կառավարութիւնը: Չորս գեր-նախարարութիւններ կը կազմուին, մինչ երկու այլ՝ կÿանուանափոխուին: Ընդհանուրին մէջ կառավարութիւնը պիտի գործէ 10 նախարարութիւններով:
Վարչապետ Ցիփրաս իր քաղաքական երդումը կատարեց երէկ, Հանրապետութեան նախագահ Գարոլոս Փափուլիասի առջեւ: Սիրիզա եւ «Անկախ յոյներ» կուսակցութեանց 162 երեսփոխաններու մասնակցութեամբ կազմուած կառավարութիւնը այսօր Երեքշաբթի իր երդումը կը կատարէ:
Եւրոպական, յատկապէս ֆրանսական, մամուլը կը շարունակէ իր գրութիւնները Յունաստանի մասին, ողջունելով «այլընտրանքային Եւրոպայի մը ծնունդը», ուր վերջ պիտի տրուի մտավախութեան եւ ճնշումներուն:
Իր կարգին The Independent «վիպապաշտ քաղաքական գործիչ մը» կը տեսնէ, շեշտելով թէ «Սիրիզայի ընդդիմութիւնը երկիրը տառապեցուցած համակարգին հանդէպ կը բխի այն համոզումէն, թէ նախապէս գործադրուած վարչակարգը թոյլատրեց կաշառակերութեան երեւոյթները»:
Նշենք, որ Ալեքսիս Ցիփրաս ամէնէն երիտասարդ անձն է, որ Յունաստանի վարչապետի պաշտօնը կը ստանձնէ 1865էն ետք: