Հելլէն խորհրդարանէն ներս երրորդ անգամ ըլլալով երէկ ձախողութեան մատնուեցաւ հանրապետութեան նախագահի թեկնածու Սթաւրոս Տիմասի քուէարկութիւնը, 168 թեր եւ 132 ձեռնպահ քուէներով:

Ըստ երկրի սահմանադրութեան, յառաջիկայ 10 օրերուն ընթացքին խորհրդարանը պէտք է լուծուի եւ ազգային ընտրութիւններ կազմակերպուին Յունուարի վերջաւորութեան:
Հազիւ խորհրդարանի նախագահ Վանկելիս Մէյմարաքիս յայտարարեց քուէարկութեան արդիւնքը, ծայրայեղ աջակողմեան «Ոսկեայ Արշալոյս»ի երեսփոխաններ, սկսան բանաւոր յարձակումներ գործել կառավարութեան հասցէին: Վարչապետ Անտոնիս Սամարաս յայտնեց թէ ժամանակ պէտք չէ կորսնցնել եւ արագօրէն կատարել սահմանադրութեամբ նախատեսուած գործընթացը:
Իր կարգին, նախագահի թեկնածու Սթաւրոս Տիմաս յայտնեց թէ հիասթափուած չէ, հակառակ որ կը հաւատայ թէ ներկայ պահուն ճիշդ պիտի ըլլար յաջողցնել նախագահի ընտրութիւնը: Ան աւելցուց թէ ներկայ արագընթաց զարգացումները կ'երկարաձգեն քաղաքական անորոշութեան կլիման եւ ընդգծեց թէ պէտք է ապահովել վարչակարգի ժողովրդավարական գործունէութիւնը: «Յառաջիկայ շաբաթները շատ կարեւոր են, ժողովուրդի եւ երկրի շահերուն համար» ըսաւ ան:
Այժմ կը սպասուի եւրոպական գործընկերներու արձագանգը, որոնք ժամանակ առ ժամանակ ցոյց տուած են երկրի ներքին հարցերուն միջամտելու տրամադրութիւններ: Հետաքրքրական է տեսնել կառավարական ուժը կազմող գործընկերներու հետագայ քայլերը, որոնք ներկայիս հրաւիրուած են յստակ քաղաքական դիրքորոշում ուղղելու իրենց ընտրական խաւին: Յայտնի է թէ քաղաքական փոփոխութիւններու ականատես պիտի դառնանք, նոր քաղաքական ուղղութիւններու եւ համագործակցութիւններու առումով: