Հելլէն մամուլի ընտանիքը վերջին հրաժեշտը տուաւ «Էլէֆթէրոթիփիա» թերթի տնօրէն, հայութեան եւ Հայ Դատի երկարամեայ հաւատաւոր պաշտպան Սերաֆիմ Ֆինտանիտիսին:
77ամեայ լրագրողը մահացաւ յունաց Ծնունդին օրը, սրտի տագնապի հետեւանքով:
Ան նշանաւոր անձնաւորութիւն էր լրագրական եւ մշակոյթի դաշտէն ներս, որ իր անձնական վարքով եւ օրինակով՝ ոգեւորիչ ուժ հանդիսացաւ Յունաստանի լրագրական դաշտին համար, միշտ գործելով լրագրական բարքերուն համաձայն:
Սերաֆիմ Ֆինտանիտիս «Էլէֆթէրոթիփիա» թերթի տնօրէնութիւնը վարեց 1976էն մինչեւ 2007: Բոլոր այդ տարիներուն ընթացքին ան բացայայտօրէն դասուեցաւ հայութեան եւ Հայ Դատի կողքին, պայքարունակ ու պահանջատիրական ոճով յօդուածագրութիւն հրապարակելով՝ ի նպաստ Հայ Դատին: Ամէն առիթով եւ ամէն յարմարութեամբ, ան թերթի էջերը տրամադրեց, որպէսզի լսելի դառնայ հայութեան արդար ձայնը:
Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ Դատի Յանձնախումբի հետ իր անձնական, ինչպէս նաեւ օրաթերթի ընդմէջէն իրագործուած համագործակցութիւնը, կարեւոր ներդրում բերին Հայ Դատի առընչութեամբ տարուած քարոզչական աշխատանքներուն:
Ղարաբաղեան պատերազմի տարիներուն, ան սատար հանդիսացաւ հելլէն հանրութեան իրազեկման ի խնդիր տարուած քարոզչական գործին, յոյն լրագրողներու Արցախ գործուղղումը կազմակերպելով, ինչպէս նաեւ մասնակցութիւն բերելով քարոզչական բնոյթի կլոր սեղանի զրոյցներու եւ դասախօսական ելոյթներու: Սերաֆիմ Ֆինտանիտիս ստանձնած էր նաեւ զրուցավարի պաշտօնը, հելլէն խորհրդարանի հին շէնքին մէջ կայացած ելոյթի մը, ԼՂՀ օրուայ նախագահ Արկատի Ղուկասեանի եւ արտաքին գործոց նախարար Կէորքի Պետրոսեանի մասնակցութեամբ: