Յունաստանի Aegean օդանաւային ընկերութիւնը յայտարարեց թէ յաջորդ տարիէն սկսեալ թռիչքներ պիտի կատարէ դէպի Երեւանի «Զուարթնոց» օդանաւակայանը։
Հելլէն մամուլը կը գրէ թէ Aegean բաւական մեծ թիւով նոր ուղղութիւններ պատրաստ է հաստատելու յաջորդ տարուայ մէջ, որոնց շարքին է Աթէնք¬Երեւան¬Աթէնք թռիչքը։ Երեւանի թռիչքները պիտի իրագործուին Ապրիլէն մինչեւ Օգոստոսի վերջ: