Դիւանագիտական աղբիւրները կը գնահատեն թէ Աթէնք այս նախաձեռնութեամբ կ'ուզէ մեղմացնել հարաւ-արեւելեան Եգէականի մէջ ստեղծուած սրած մթնոլորտը

Հելլէն մամուլը կը հաղորդէ թէ երկօրեայ այցելութեամբ, 5-6 Դեկտեմբերին, Աթէնք կը ժամանէ Ահմետ Տաւութօղլու, մասնակցելու համար Յունաստան-Թուրքիա Համագործակցութեան Գերագոյն Խորհուրդի նիստին: Այս նիստը իր կարգի երրորդն է, որ երկու երկիրներու վարչապետներու մասնակցութեամբ պիտի գումարուի: Պիտի նախորդէ Յունաստանի արտաքին գործոց նախարար Էվանկելոս Վենիզէլոսի այցելութիւնը Անգարա, 29 Նոյեմբերին:
Յունական կողմը իր կեցուածքով ուղերձ մը կը յղէ Թուրքիոյ, թէ որոշած է չխանգարել Յունաստան-Թուրքիա ծրագրուած աշխատանքներու ժամանակացոյցը:
Կիպրոսի ծովային տարածաշրջանէն ներս մուտք գործած թրքական «Պարպարոս» նաւու հետեւանքով լարուած իրավիճակի լոյսին տակ, անցեալ շաբաթ Գահիրէի մէջ կայացած Աթէնք-Գահիրէ-Նիկոսիա եռակողմ հանդիպման առիթով, Սամարաս կ'ուզէ Յունաստանի կեցուածքի վերաբերեալ յստակ ցոյց տալ թէ ձեւաւորուած ճակատը Թուրքիոյ դէմ չէ, այլ՝ տարածաշրջանի կայունութեան կը նպատակադրէ նպաստել: