Ազերի ներդրողներու անհանգստութիւն
Անցեալ Ուրբաթ օրուայ մեր թիւով լոյս ընծայած էինք յունական կազի ՏԵՍՖԱ ընկերութեան վաճառքի «սառեցման» մասին լուրը, ատրպէյճանական ՍՈՔԱՐին, ըստ Քոմիսիոնի որոշումին:
Քոմիսիոն լուրջ մտահոգութիւններ յայտնած է թէ մրցակցութեան կանոններու խախտման դէպքեր կրնան յառաջ գալ նման վաճառքէ, որ իրենց ազդեցութիւնը պիտի բերեն եւրոպական շուկայէն ներս: Քոմիսիոն կը նախազգուշացնէր թէ խոր քննութեան որոշած է ենթարկել Ատրպէյճանի հետ Յունաստանի կառավարութեան համաձայնագրի լման թղթածրարը, քննելու համար վաճառքի պայմանները եւ հաստատելու թէ անոնք կատարուած են եւրոպական մրցակցութեան կանոններու եւ սահմանափակումներու հիմամբ:
Յունական sofokleous.gr կայքէջը կը հաղորդէ թէ ազերի ներդրողները լուրջ անհանգստութեան մատնուած են վերջին եղելութիւններու լոյսին տակ, հապճէպօրէն հանդիպում խնդրելով Յունաստանի վարչապետին հետ:
ՍՈՔԱՐ ընկերութեան ղեկավար Ռովնակ Ապտուլայեւ գաղտնի հանդիպում մը ունեցած է երէկ, Յունաստանի վարչապետ Անտոնիս Սամարասին հետ, ՏԵՍՖԱի հետ համաձայնագրի վտանգուած ապագան քննարկելու նպատակով:
Ատրպէյճանական ընկերութեան գլխաւոր ղեկավարի անակնկալ այցելութիւնը ցոյց կուտայ ՏԵՍՖԱի փոխանցման հարցով ստեղծուած իրավիճակի հրատապութիւնը, հաշուի առնելով իրաւական բոլոր խոչընդոտները որ ի յայտ կուգան Քոմիսիոնի որոշումի լոյսին տակ:
ՍՈՔԱՐ ընկերութեան կողմէ մամուլին յանձնուած պաշտօնական հաղորդագրութեամբ՝ Մաքսիմոսի ապարանքին մէջ երէկ կայացած է Ապտուլայեւի հանդիպումը վարչապետ Սամարասին հետ: Հանդիպումէն ետք Ապտուլայեւ յայտնած է թէ Յունաստանը Եւրոպական Միութեան անդամ ըլլալով, պարտաւոր է այս բարդ գործընթացին համակերպելու: Անմիջապէս ան աւելցուցած է, թէ ...«Յունաստանն է որ առաւելաբար պէտք ունի այս ծրագրի իրագործման: Հակառակ պարագային, կան բազմաթիւ տեղեր, ուր ընկերութիւնը կրնայ ներդրումներ կատարել, եւ շահաբեր ծրագրեր իրականացնել»:
Ամենայնդէպս, հելլէն կառավարութիւնը որեւէ պաշտօնական յայտարարութիւն չէ կատարած այս գծով, հակառակ որ Յունաստանի տնտեսութեան նախարար Կիքաս Խարտուվելիս ըսած է թէ կառավարութիւնը ընդունած է «թրոյքա»ի կողմէ առաջ բերուած նախապայմանը, առժամաբար «սառեցնելով» TAP խողովակաշարի ծրագրի ընթացքը: