Յունաստանի Թեսաղոնիկէի մէջ բացուած շարժապատկերի 55-րդ միջազգային փառատօնի ծիրէն ներս պիտի ցուցադրուի գերմանաբնակ թուրք բեմադրիչ Ֆաթիհ Աքընի «Սպի» («The Cut») շարժանկարը:
Այս մասին կը հաղորդէ Aysor.am կայքէջը:
Գերմանիոյ, Ֆրանսայի, Իտալիոյ, Ռուսիոյ, Գանատայի, Լեհաստանի եւ Թուրքիոյ համատեղ արտադրութեան այս շարժանկարը կը պատմէ Օսմանեան կայսրութեան մէջ 1915-ին տեղի ունեցած Հայոց Ցեղասպանութեան մասին:
Թուրք Ֆաթիհ Աքընի հետ միասին շարժանկարին վրայ աշխատած են ռուսաստանցի բեմադրիչներ Ռուբէն Տիշտիշեան եւ Արամ Մովսէսեան:
Նշենք, որ Աքընը ծնած է 1973-ին Համպուրկ: Անոր ծնողները Գերմանիա տեղափոխուած են Թուրքիայէն: Անոր առաջին շարժանկարին ցուցադրութիւնը տեղի ունեցած է 1998-ին: