Յունաստանի քաղաքական դաշտի զարգացումները՝ Աթէնքի եւ մեծ քաղաքներու ճամբաներուն եւ հրապարակներուն վրայ փոխադրուեցան, Չորեքշաբթի եւ Հինգշաբթի օրերու 24 ժամուայ գործադուլին պատճառով: Երէկ Աթէնքի կեդրոնէն ներս Ժողովուրդը համախմբուած դուրս եկաւ, իրագործելով վերջին տարիներու ամէնէն ծաւալուն ցոյցերէն մէկը։

Երկրի աշխատաւորական մեծագոյն սենտիքաներու եւ ձախակողմեան կուսակցութիւններու կազմակերպութեամբ իրագործուած ցոյցին մասնակցեցան հարիւր հազարաւոր քաղաքացիներ, որոնք երկար մնացին Սինտաղմայի հրապարակին շուրջ՝ փողոցները փակ պահելով։ Սենտիքաներու գնահատումը 200.000ի շուրջ էր, մինչ ոստիկանութիւնը 70.000 ցուցարարներու թիւի մասին խօսեցաւ։
Գործադուլին մասնակցեցան  բժիշկներ, քաղաքապետութեանց եւ տարբեր նախարարութեանց պաշտօնեաներ, հարկատուներու, դատարաններու, դրամատուներու, նամակատուներու պաշտօնեաներ, համալսարաններու դասախօսներ եւ վարժարաններու ուսուցիչներ, նաւահանգիստներու, հանրային փոխադրամիջոցներու եւ օդանաւակայաններու աշխատողներ, TAXI-ներու վարորդներ, բանտապահներ, վաճառախանութներու եւ  վառելանիւթի կայաններու աշխատողներ: Ժողովուրդը իր բազմամարդ ներկայութեամբ ընդդիմացաւ երկիրը թալանող իրավիճակին եւ պարտադրուած քաղաքականութեան։
Ցոյցի աւարտին դիմակաւորներու խմբակներ յարձակումներ գործեցին ոստիկաններուն դէմ, բայց ետ մղուեցան ցոյցին մասնակից ցուցարարներէ։ Այսուհանդերձ, մինչեւ ուշ շարունակուեցան դիմակաւորներու եւ ոստիկանութեան միջեւ բախումները, քարերու, մոլոթոֆ ռումբերու եւ քիմիական կազերու արձակումներով։
Այսօր Հինգշաբթի, դարձեալ բողոքի ցոյցեր նախատեսուած են, Աթէնքի կեդրոնէն ներս. կազմակերպողները յայտարարած են թէ պիտի շրջափակեն խորհըրդարանի շէնքը, հետզհետէ զօրացնելով ժողովուրդի ընդդիմութեան ձայնը։ Աթէնքի կեդրոնը փակ կը մնայ այսօր ալ, օրինագիծի քուէարկութեան պահուն: