Անցնող շաբաթավերջին Ատրպէյճանի մայրաքաղաք Պաքու այցելեց Յունաստանի վարչապետ Անտոնիս Սամարա, ներկայ գտնուելու համար Շահ Տենիզ բնական կազի օգտագործման համաձայնագրի 20ամեակին նուիրուած ձեռնարկներուն։

Առաջին հանդիպումը որ ունեցաւ յոյն վարչապետը՝ քարիւղի BP ընկերութեան ընդհանուր տնօրէն Ռոպերթ Տանտլիի հետ էր։ 

Ան ընթրիքի հիւրը եղաւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի, Թուրքիոյ վարչապետ Ահմետ Տաւութօղլուի եւ Պուլկարիոյ ու Մոնթենէկրոյի իր պաշտօնակիցներուն հետ։
Հելլէն մամուլը կը հաղորդէ թէ վարչապետ Սամարաս 20 վայրկեան տեւողութեամբ առանձին հանդիպում մը ունեցաւ Իլհամ Ալիեւի հետ, ուր խօսք եղաւ TAP խողովակաշարի կառուցման աշխատանքներուն մասին։ Սամարաս Ալիեւէն ուզեց բնական կազի յաւելեալ քանակութեան հայթայթում, այն պարագային որ ուքրանական տագնապը լուրջ խոչընդոտներ կրնայ ստեղծել։