Հելլէն մամուլը կ'անդրադառնայ Թուրքիոյ նախագահ Թայիփ Էրտողանին կողմէ Յունաստանի վարչապետ Անտոնիս Սամարասին ուղղուած հանդիպման

դիմումին, նշելով թէ թրքական կողմի նախաձեռնութեամբ՝ այսօր պիտի կայանայ հանդիպումը:
Հանդիպման օրակարգը կ'ընդգրկէ Կիպրոսի հարցը, բայց նաեւ հելլէն խորհրդարանին մէջ այսօր քննարկուող ցեղասպաշտութեան դէմ օրէնքի յօդուածներուն մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան ուրացման դէմ առընչուող բաժինները, որ ջղագրգռութիւն յառաջացուցած են թրքական կողմին մօտ: