Այցելութիւն՝ Յունաստանի Ցամաքային Զօրքերու Հետեւակի դպրոց
Ինչպէս մեր երէկուայ թիւով հաղորդած էինք, եռօրեայ պաշտօնական այցելութեամբ Աթէնք կը գտնուի ՀՀ Զինուած Ուժերու գերագոյն շտապի պետ, զօրավար¬գնդապետ Եուրի Խաչատուրով, իր պատուիրակութեամբ։
Զօրավար Խաչատուրովի այցելութիւններու եւ հանդիպումներու յայտագիրը սկսաւ երէկ առաւօտեան, Յունաստանի Ցամաքային Զօրքերու Հետեւակի դպրոց այցելութեամբ, ՀՀ Պաշտպանութեան նախարարութեան եւ գլխաւոր շտապի սպաներու ու Յունաստանի մօտ ՀՀ ռազմական կցորդ գնդապետ Սամվէլ Ռամազեանի ուղեկցութեամբ:
Հայաստանի Հանրապետութեան Զինուած Ուժերու պատուիրակութիւնը ընդունուեցաւ Ցամաքային Զօրքերու գլխաւոր շտապի պատասխանատուներու եւ դպրոցի պետ, զօրավար-մայոր Տիմիթրիոս Միտտասի կողմէ: Դպրոցի տարածքէն ներս շրջայցի ընթացքին զօրավար Խաչատուրով անձամբ այցելեց բոլոր վարժական լսարանները, դպրոցի զինուորական թանգարանը եւ արձանագրութիւն մը կատարեց պատուոյ հիւրերու մատեանէն ներս: Ներկայացուեցան դպրոցի պատմութիւնը, ներկայ առաքելութիւնն ու խնդիրները, ինչպէս եւ Հայաստանի Զինուած Ուժերու հետ համագործակցութեան ընթացքը:
Պատուիրակութիւնը ներկայ եղաւ վարժական ցուցադրութիւններու, ուր մասնակցեցան նաեւ վարժարանէն ներս իրենց ուսումնառութիւնը անցնող ՀՀ ԶՈՒ ունկնդիր սպաները: Տեղի ունեցան քննարկումներ եւ մտքերու փոխանակում։ Յունական կողմը իր պատրաստակամութիւնը յայտնեց ամէն տարի Ցամաքային զօրքերու «Էվելփիտոն» ռազմական ակադեմիայէն ներս շարունակելու ՀՀ ԶՈՒ սպաներու վերապատրաստութեան կազմակերպման աշխատանքը։
Առանձնակի հանդիպում տեղի ունեցաւ ուսանող հայ սպաներու վեց հոգիէ բաղկացած խումբին հետ:
Ապա, ցամաքային զօրքերու գլխաւոր շտապի կողմէ ճաշկերոյթ տեղի ունեցաւ, ի պատիւ ՀՀ ԶՈՒ գերագոյն շտապի ղեկավարի եւ հայկական պատուիրակութեան:
Զօրավար Խաչատուրովի այցը կը շարունակուի։ Այսօրուայ համար նախատեսուած յայտագիրը կը ներառնէ ծաղկեպսակի զետեղում Սինտաղմայի «Անծանօթ Զինուորի» յուշադամբանին առջեւ, ապա հանդիպումներու շարք՝ Յունաստանի Ազգային Պաշտպանութեան նախարար Տիմիթրիս Աւրամոփուլոսի եւ ԱՊ գլխաւոր շտապի պետ, զօրավար Միխայիլ Գոսթարաքոսի հետ, հայ-յունական ռազմական համագործակցութեան տարբեր բնագաւառներու առընչութեամբ։